2017-06-17 09:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Պոցցոլօ` 20 յունիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Երեքշաբթի 20 յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Քրեմոնայի Եկեղեցական Թեմին պատկան Պոցցոլօ աւան կատարելիք ուխտագնացութեան առթիւ, ուր Ան պիտի աղօթէ Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի (1890-1959) դամբանին առջեւ, Քրեմոնայի Եպիսկոպոսը Գերապայծառ Անթոնիօ Նափոլիոնի հաւատացեալներուն յղած է նամակ մը որուն մէջ հրաւիրած է զանոնք աղօթքով ու` Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի հոգեւոր գրութիւններու ընթերցանութիւններով պատրաստուիլ, Ֆրանչսիկոս Պապին հետ հանդիպման։ 

Գերապայծառ Նափոլիոնի ապա Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է թէ թէեւ Նորին Սրութեան այցը ունի առանձնական հանգամանք ան առիթ է հոգեւոր, հովուական ու եկեղեցական  ապաշխարութեան ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան զգացումներու։

Գերապայծառ Նափոլիոնի ակնարկելով ապա Հայր Մացցոլարիի կենցաղին հաստատած է թէ անոր ու Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ կապ մը կայ տրուած ըլլալով որ երկու հոգեւորականները կ՛ապրին Աւետարանի սէրը` աղքատներու ու դիւրաբեկներու նկատմամբ։ Անոնց համար ''հեռուներ'' չկան ու ասոր համար հարկաւոր է հետեւիլ Յիսուսի միսիոներական պատուէրին ''Գացէք ու աշակերտեցէք բոլոր ազգերը մինչեւ աշխարհի կատարածը''։

Գերապայծառ Նափոլիոնի ապա Հայր Մացցոլարին նկատած է մարգարէ` ոչ թէ որովհետեւ ան ապագան կը գուշակեր, այլ որովհետեւ գիտցաւ ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը ու գիտցաւ զատորոշել ժամանակներու նշանները ու դէպի ապագայ տանող ուղիները։

Յայտնենք թէ` նոյն օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ նաեւ Ֆիրենցէի թեմին մաս կազմող Պարպիանա աւան, այնտեղ աղօթելու համար  Հայր Լորենցօ Միլանիի (1923-1967) դամբանին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.